2017-08-08 14:24:00

ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ` Հալէպի Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու մէջ


Աստուծոյ ստեղծագործութեան մէջ, ծառատունկերու ամենաօրհնեալ պտուղը խաղողն է, որ մեծագոյն շնորհին արժանացած է, մեր Տէրն ու Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս խորհրդանշական որպէս արտայայտութիւն վերնատան մէջ խաղողի այս հիւթը առնելով օրհնեց եւ այդ օրհնութեամբ խաղողի սեռին պատկանողները, այսինքն` բոլոր պտուղները, կատարեալ օրհնութիւն ստացան:

Խաղողօրհնէքի դարաւոր սովորութիւնը որպէս ուխտի նշան մեր նախնիները կը կատարէին, իրենց երախայրիքը մատուցանելով Աստուծոյ, ստանալու համար անոր օրհնութիւնը եւ ապա վայելելու հայրենի աշխարհի դաշտերու բերքն ու բարիքը:

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Մեծ Եղեռնի օրերուն Հալէպի նախկին Առաջնորդներէն` հոգելոյս Տ. Արտաւազդ Սրբ. Արք. Սիւրմէլեանի օրով խաղողօրհնէքի արարողակարգը կիրարկուած է մինչեւ մերօրեայ շրջանը «Բարեկենդանի Կիրակին» յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, կլիմայական ջերմութեան պատճառով եւ որպէսզի հաւատացեալներ որպէս շաբաթապահք չզրկուին այս կենսահիւթ պտուղէն:

Վերոյիշեալ գաղափարէն թելադրուած, Կիրակի, 6 Օգոստոս 2017-ին, համաձայն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին, որ կը յուշէ «բարեկենդան Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի», յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին Հալէպի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու մէջ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւն: Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան, պատարագի ընթացքին խուռներամ հաւատացեալներու ներկայութեան կատարուեցաւ խաղողի օրհնութեան արարողութիւնը, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը տուաւ իր պատգամը, բնաբան ունենալով Սաղմոսագիրքի հետեւեալ խօսքերը. «Ուխտեցէք եւ Կատարեցէք» (Սղ 76.11) վերոյիշեալ խօսքերը շաղկապելով օրուան արարողութեան հետ, վեր առնելով ուխտի գաղափարը հին կտակարանի մէջ եւ զայն միացնելով փրկչին Յիսուս Քրիստոսի, որ իր արիւնով, իր զոհագործական մահով եւ յարութեամբ հաշտութեան նոր ուխտ կը կնքեց մարդոց հետ` իբրեւ գրաւական իր անսահման սիրոյն: Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր օրհնութիւնները տալով հաւատացեալներուն, երկնաւոր հօրմէն խնդրեց որ Աստուած ընդունի բոլորին ուխտը, արժանաւոր ուխտեալներ դարձնէ եւ իր խաղաղութեան արժանացնէ հաւատացեալ ժողովուրդը:

Նոյն խաղողի օրհնութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեան, ներկայ էին հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու արծուիկները, որոնք թափօրով խաղողի ողկոյզները ուսամբարձ տեղադրեցին եկեղեցւոյ դաս: Օրուան պատգամը փոխանցեց Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան` բացատրելով խաղողօրհնէքի արարողութեան նշանակութիւնը եւ անոր այժմէականութիւնը մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ:

Թող երկնաւոր Տէրը օրհնաբեր այս օրը մեզ բոլորս ամէն փորձանքներէ հեռու պահէ եւ արժանի դարձնէ երկնային իր անսահման ուրախութեան:

Եզնիկ Քհնյ. Զղջանեան

Քաղուած Գանձարարէն








All the contents on this site are copyrighted ©.